2018-01-22 09:07:00

Գիւմրիի մէջ. Պատարագ` ի յիշատակ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 11-րդ տարելիցին


21 յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պատարագ մատուցուեցաւ` ի յիշատակ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 11-րդ տարելիցին:

Պատարագիչ հայր սուրբը` եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Տինքի կենսագրական տուեալներուն,  ապա անոր դէմ գործուած սահմռկեցուցիչ ոճիրին` անոր ետին թաքնուած մութ ծալքերուն եւ մեծ ուժերուն, որոնք կը փորձեն փաստերը ի սպառ վերացնել, որպէսզի չբացայայտուին ոճրագործները: Հայր սուրբը աւելցուց, որ անոր նահատակութիւնը դրդող ազդակ հանդիսացաւ անոր ճանապարհը շարունակողներուն` նկատել տալով միաժամանակ, որ ան այսօր իսկ իր գաղափարակից հերոսներուն միջոցով կը շարունակէ պայքարիլ եւ իրականացնել իր երազը: Ապա, Հրանդ Տինքի ոճիրին շուրջ կատարուած հետաքննութեան ընթացքի մասին խօսելով հայր սուրբը եզրափակեց իր խօսքը:

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին` տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն գումարած մէկի հոգիներուն հանգիստին: Հրանդ Տինք 11 տարիներ առաջ 19 յունուարին օր ցերեկով զոհուեցաւ, պարզ այն պատճառով, որ հայ էր եւ կը փորձէր հայութեան ձայնը աշխարհին լսելի դարձնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.